Առողջապահական Սնունդ

Յարգելով գանատական սննդականոնի ուղեցոյցը, մանկամսուրէն ներս երեխաներուն կը մատուցուի սննդարար եւ հաւասարակշռուած սնունդ։

Ճաշացուցակները կը փոխանցուին ծնողներուն եւ որեւէ փոփոխութեան պարագային ծնողները անմիջապէս տեղեակ կը պահուին։

Մանկամսուրը յատուկ ուշադրութեամբ կը հետեւի այն երեխաներուն, որոնք կը ցուցաբերեն գերզգայնութիւն կամ անհանդուրժողութիւն որոշ ուտելիքներու հանդէպ։ Կը յարգենք նաեւ ծնողներուն կողմէ պահանջուած յատուկ սննդական կանոնները կամ կերակրելու յատուկ ձեւերը։